2012-10-20 12:59:58

Յակոբ Մեղապարտի Յուշարձանին Բարերարը` Զմմառու Վանքին Մէջ


Հինգշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Զմմառու վանք այցելեցին Լիբանանի մէջ լատին եկեղեցւոյ առաջնորդ գերապայծառ Փոլ Տահտահ եւ վանքի բարերար Լուի Էբիկեան: Միաբանութեան ընդհանուր փոխանորդը եւ վարչական հայրերը ընդունեցին պատուոյ հիւրերը վանքի դահլիճին մէջ: Զմմառու անուշ գինին համտեսելէ ետք հիւրերը հերթաբար այցելեցին Զմմառու եկեղեցին, թանգարանը, մատենադարանը եւ գինեմառանը: Ուիլիամ եւ Լուի Էբիկեան եղբայրները Զմմառու վանքի մուտքի հրապարակին անկիւնը կանգնած Յակոբ Մեղապարտի յուշարձանին բարերարները եղան` ստանձնելով անոր ամբողջ ծախսերը: Իսկ Հռոմի Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան պապը սոյն յուշարձանին բացումը կատարեց 15 սեպտեմբերին` Լիբանան իր այցելութեան ընթացքին: Հրաժեշտի պահուն Զմմառու հրաշագործ Տիրամօր մատրան մէջ մեծաւոր հայրը Զմմառու Տիրամօր սրբանկարը նուիրեց Լուի Էբիկեանին` իբրեւ երախտագիտութիւն իր առատաձեռն նուիրատուութեան: Հիւրերը որպէս նուէր ստացան նաեւ Զմմառու անուշ գինիներէն ընտրանի մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.